2014-07-08 08:17:01

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Լամփետուզայի այցելութեան առաջին տարեդարձը` ''յաղթահարել անտարբերութեան տրամաբանութիւնը։''


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ տարի` 8 յուլիս 2013-ին, Լամբետուզա կատարած այցելութեան` տարեդարձին առթիւ, պատգամ մը ուղղած է Ակրիճէնթոյի թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մոնթենեկրօ-ին, որուն մէջ հրաւիրած է մօտենալ փախստականներուն ''անհաշիւ, աներկիւղ, գթարար ու հասկացողի ոգիով''։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ'ընդգծէ որ փախստականները կու գան լաւագոյն կեանքի պայման գտնելու յոյսով եւ Լամբետուզայի բնակիչները վեհանձնօրէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են, օգնութիւն հայցող իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Նորին Սրբութիւնը վերակոչելով իր անեցալ տարուայ կատարած այցելութիւնը, պատգամին մէջ կը գրէ. ''գաղթականութեան հարցը հետզհետէ կը վատթարանայ։ Սրտի նեղութեամբ կ'ընդունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մահը, որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը դիմագրաւեն նաւագնացութիւնը փախուստ տալով ողբերգութենէն, աղքատութենէն, պատերազմէն ու ընդհարումներէն, որոնք յաճախ արդիւնքն են միջազգային քաղաքականութեան։ Ողբերգութիւն մը որ պէտք է դիմագրաւել ոչ թէ անտարբերութեան տրամաբանութեամբ, այլ հիւրընկալութեան ու բաժանեկցութեան տրամաբանութեամբ, յանուն ամէն անհատի մարդկային արժանաւորութեան։
Սրբազան Հայրը պագտամին մէջ դարձեալ կոչ կ'ընէ օգնութեան հասնելու անոր որ կարիգաւոր է, ձեռք երկնցնելու` առանց անձնական հաշիւի, առանց երկիւղի, այլ ամենայն գթութեամբ ու հասկացողութեամբ։
Մաղթանքս է, կը կարդանք ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամին մէջ, որ պատասխանատու իշխանութիւնները, եւրոպական գետնի վրայ, աւելի քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ օգնութեան հասնին փախստականներուն։
Յայտնենք թէ նախանցեալ օր` Կիրակի 6 Յուլիսին, Լամբետուզայի ս. Կերլանտոյի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատոյց` գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ եւ երեքշաբթի 8 յուլիսի երեկոյեան` նոյն եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէ` Ակրիճէնթոյի թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մոնթենեկրոն։







All the contents on this site are copyrighted ©.